Վերափոխման հրաշալի փառքին
Ո՜վ Սուրբ Մարիամ, դուն որ երկինքի Իսկուհին, Երանուհին, Թագուհին ու Սրբուհին ես, բարեխօսէ՛ որ մեր մայրերն ու քոյրերը տաժանագին կրթանքով եւ անհամեմատ զոհողութիւններով կարենան ըլալ քեզի ճշմարիտ անուանակիցներ, եւ իբր իսկական եւ երանելի հոգիներ արժանանան սրբութեան թագին: Հրեշտակ ի
մարդկանէ, որ գերազանց մայրն եղար, բարեխօսէ՛ բոլոր մայրերուն համար, որպէսզի կարենան Աստուծոյ կամքին հաճելի բարձրութեան եւ շնորհքի մէջ պահել մայրական սուրբ կոչումը: Մարմնատեսիլ քերեվբէ, քու կուսական անբծութեան շնորհէն կաթիլ մը ցօղէ բոլոր կոյսերուն եւ կուսական հոգիներուն վրայ, որպէսզի
կարենան անաղարտ եւ սուրբ պահել բովանդակ նուիրականութիւններն ու սրբութիւնները: Ծնողդ Աստուծոյ, որ Աստուածորդին առ մեզ իջեցուցիր քու խոնարհութեամբ, բարեխօսէ՛ մարդկային ազգի վերստին ծննդեան եւ փրկութեան համար։ Խորան Բարձրելոյ եւ Տաճար Սրբութեան, որ Ս. Հոգւոյն ընդունարան հանդիսանալով
Կենաց Հացը շնորհալից արժանիքներովդ զանգեցիր, բարեխօսէ՛ որ մեղաւորներս ըլանք մէկ մէկ կենդանի տաճար ու խորան Աստուծոյ: Աղաչեա՛ վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալն Աստուած, որպէսզի Վերափոխմանդ Հրաշալի փառքին, անոր առթած մխիթարութեան եւ մեզի ներշնչած յոյսի խորհուրդին առջեւ, թէ երկինքի դուռը մեզի համար ալ բաց է եւ թէ յանձին քո ունինք հզօր բարեխօս մը, բլանք հնազանդ եւ արի, հաւատարիմ ու խոնարհ: