Տէրունական աղօթք (Շուրջ 150 տարի առաջ գրուած թերթիկի մը հետեւողութեամբ

Մեր հոգիները ժողվէ Շնորհաց գահիդ շուրջ, որպէսզի կատարենք մեր պարտականութիւնը եւ պաշտենք քեզ ճշմարտութեամբ,«Ո՜Վ ՀԱՅՐ ՄԵՐ»:

Քեզի՛ կը վայելէ ամէն փառք ու պատիւ, որովհետեւ դո՛ւն ես հզօր, սքանչելագործ եւ մեծ Աստուածը, «ՈՐ ԵՐԿԻՆՔՆ ԵՍ»:

Դո՛ւն ես, որ անհուն իմաստութեամբդ կ’իշխես բոլոր շնչաւոր եւ անշունչ արարածներուն վրայ, ուստի «ՔՈՒ ԱՆՈՒՆԴ ՍՈՒՐԲ ԸԼԼԱՅ»:

Այսուհետեւ յապաղումներ թող մեզ չզատեն քու փառաւոր գալուստէդ եւ այդ երջանիկ յոյսի կատարումէն, այլ՝ «ՔՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԴ ԳԱՅ»:

Սուրբ պատուէրներուդ հակառակողներ թող չգտնուին այլեւս, քու բարի փափաքներդ թող կատարուին, եւ «ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ԸԼԼԱՅ»:

Թող մեր եւ ամէնուն հնազանդութիւնը ըլլայ արագ, անվերապահ, կատարեալ, եւ առանց առարկութեան, ճիշդ «ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԷՋ, ԱՅՆՊԷՍ ԱԼ ԵՐԿՐԻ ՎՐԱՅ»:

Արդ, մեր մարմիններուն պէտքերը, հագուելու համար բաւականաչափ հագուստ, ցուրտէն պաշտպանուելու համար պատսպարան, եւ «ՄԵՐ ԱՄԷՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՑԸ», նաեւ կենաց Խօսքդ՝ մեր հոգիներուն կերակուրը, կ’աղաչե՜նք Տէր, քու մեծ սիրովդ եւ ողորմութեամբդ «ԱՅՍՕՐ ԵՒՍ ՄԵԶԻ ՏՈՒՐ»:

Մեր բազում յանցանքները բնաւ նկատի մի՛ առներ եւ լոյս երեսէդ մի՛ զրկեր մեզ, այլ՝ քաւէ՛ զանոնք քու Միածին Որդւոյդ արիւնով, «ԵՒ ՄԵԶԻ ՆԵՐԷ՛» նաեւ մեր բոլոր անկատար թողած պարտականութիւնները, որ պէտք էր ընէինք փառքիդ համար, եւ յետաձգուած «ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԵՐԸ», որովհետեւ քու բերնիդ Խօսքով սորվեցանք եւ կը հաւատանք, թէ՝ դուն կը ներես ու պիտի ներես մեզի այնպէս՝ «ԻՆՉՊԷՍ ՈՐ ՄԵՆՔ ԿԸ ՆԵՐԵՆՔ». ուստի քու անսահման Սէրդ, որ հաճեցաւ անհուն զոհողութեամբ փրկել մեզ, թող սորվեցնէ իւրաքանչիւրիս՝ ի սրտէ ներել «ՄԵՐ ՊԱՐՏԱՊԱՆՆԵՐՈՒՆ»:

Այս անցաւոր աշխարհի հրապոյրները թող չխաբեն մեր սրտերը եւ չպաղեցնեն մեր սէրը քեզի հանդէպ, ո՜վ Տէր, «ԵՒ ՄԵԶ» մոլորեցնելով շիտակ ճամբայէն՝ չձգեն Հակառակորդին որոգայթին մէջ: Դուն ինքդ հսկէ մեր վրայ, եւ մեզ՝ տկարներս «ՓՈՐՁՈՒԹԵԱՆ ՄԻ ՏԱՆԻՐ»:

Մի՛ թողուր բնաւ, մի՛ թողուր, որ քու զաւակներէդ մէկը գայթակղի եւ մեղանչէ քեզի դէմ, «ԱՅԼ» ինչպէս հիմա, այնպէս ալ կեանքի բոլոր ելեւէջներուն մէջ, եւ մահուան ատեն, տո՛ւր մեզի ինչ որ ուզես, ըլլա՛յ քաղցր, ըլլա՛յ դառն, ըլլա՛յ ուրախութիւն, ըլլա՛յ վիշտ. միայն թէ, կ’աղաչե՜նք, «ՄԵԶ ՉԱՐԷՆ ԱԶԱՏԷ»:

Մենք որո՞ւ պիտի դիմենք, ո՜վ Տէր մեր, ո՞վ կրնայ մեզի օգնել, ո՞վ կայ քեզմէ հզօր եւ քեզմէ մեծ, «ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՔՈ՛ՒԿԴ Է ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ», Եւ քու գործդ է աշխարհը, քեզմէ եւ քեզի համար են բոլոր բաները, անոնց մէջ յայտնուած անհուն իմաստութիւնը, «ԵՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՓԱՌՔԸ»:

Այո՛, եւ քու սքանչելիքներդ եւ աննման գործերդ պիտի յիշուին, եւ դուն պիտի փառաբանուիս «ՅԱՒԻՏԵԱՆՍ»:

Եւ մենք՝ տկար արարածներս պիտի դաւանինք քեզ, եւ մեր ամբողջ սրտով, հոգիով ու զօրութեամբ պիտի կրկնենք՝ «ԱՄԷՆ»:

(Visited 19 times, 1 visits today)
Понравилась статья? Поделиться с друзьями:
ԱԶԴԱԿ
Добавить комментарий

;-) :| :x :twisted: :smile: :shock: :sad: :roll: :razz: :oops: :o :mrgreen: :lol: :idea: :grin: :evil: :cry: :cool: :arrow: :???: :?: :!: